Քառասուն ուլունք
Aras Yayıncılık
Անահիտ Սարգիսեանի Քառասուն ուլունք ը ընթերցողը կը հրաւիրէ Տիկին Պէաթրիսի աշխարհը Հատորը մարգարիտէ մանեակի նման հատիկ հատիկ կը շարէ ապրումներ ուր իւրաքանչիւր ուլունք կեանքի մէկ հանգոյցն է եւ կամ մէկ յուշը Այս գործը վկայութիւն մըն է սպասումի եւ յոյսի Տիկին Պէաթրիս կը սորվի յոյսի կծիկը նորէն ու նորէն փաթթել նոյնիսկ երբ փրկութեան դուռը կղպուած կը թուի Ի վերջոյ երբ մանեակին թելը կը փրթի եւ քառասուն ուլունքները կը գլորին ասդին անդին Տիկին Պէաթրիս դարձեալ կը քսէ իր շրթներկը ու քով քովի կը շարէ երեք թանկագին ուլունք